
Թէ ինչպէս կը նշեն հայերը Քրիստոսի Ծնունդը
Հայկական սովորութիւններ, աւանդութիւններ
Եկեղեցական արարողութիւններ եւ մեղրահամ Ամանոր
Աղօթքներ եւ քաղցրահամ օրեր
Հայր Կորիւն – Նարեկ Ճէնանեան, Մխիթարեան Միաբան
Տիրոջ ուրախութիւնն այն ուժն է, որ մեզի կ՚օգնէ դիմակայել կեանքի դժուարութիւնները:
Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը հրաւէր մըն է ողջ մարդկութեան՝ միասին ապրելու, անոր սիրով ապրելու, մարդկային բազմազանութիւնը տօնախմբելու եւ գնահատելու մարդկութեան ընդհանուր յատկանիշները:
Հայերը դարաւոր պատմութիւն ունին քրիստոնէութեան հետ, անոնք 301 թ. որպէս պետական պաշտօնական կրօն ընդունեցին քրիստոնէութիւնը եւ դարձան աշխարհի Առաջին Քրիստոնեայ ազգը:
Հայերը ինչպէ՞ս կը յիշատակեն Սուրբ Ծնունդը:
Ամանորը հայ ժողովուրդի կարեւորագոյն տօներէն մէկն է: Հայաստանի մէջ մեծ սիրով եւ հանդիսաւորութեամբ կը պատրաստուին այդ օրուան:
Նախապէս արեւմտեան բոլոր եկեղեցիները, նոյնիսկ Հռոմը, Յունուար 6-ին կը նշէին այդ տօնը: Առաջին փաստաթուղթը, ուր արձանագրուած է 25 Դեկտեմբերին Սուրբ Ծնունդը յիշատակելու մասին Calendario 336-ն է, որ կը կոչուի՝ Filocaliano , Dionisio Furio Filocalo: Այսպիսով Սուրբ Ծնունդի ամսաթիւի տեղափոխուիլը՝ Յունուար 6-էն Դեկտեմբեր 25-ը՝ Հռոմի Պապ Լիբերիոսի գահակալութեան օրոք եղած է:
Հայ կաթողիկէ համայնքը Ս. Ծնունդը կը տօնէ Դեկտեմբեր 25-ին, ինչպէս միւս եկեղեցիներու մեծ մասը, իսկ ուղղափառ՝ Հայ Առաքելականները Յիսուսի ծնունդը կը նշեն Յունուար 6-ին:
Հայ ժողովուրդի մեծ մասը եւ անոր պատկան եկեղեցիները մաս կը կազմեն համաշխարհային եկեղեցիներու աւանդոյթներուն եւ Պատարագի ծէսերուն:
Սուրբ Ծնունդը տօնախմբելու նախապատրաստութիւնը կը սկսէր շաբաթներ առաջ: Տուները եւ բակերը լոյսերով կը զարդարուէին, բնական ծառերուն վրայ կը կախէին ընտանեկան հին ու նոր նկարներ եւ երեխաներուն կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանքներ:
Հայկական աւանդոյթ էր, որ տօնածառը բնական եղեւնի ըլլար եւ այդպէս զարդարուած մնար մինչեւ 14 Փետրուար՝ «Տեառնդառաջ»ի օրը։
Նախատօնակին զայն կը տանէին եկեղեցւոյ բակը եւ Պատարագէն ետք ըստ աւանդութեան, քահանան բակը հաւաքուած ծառերը եկեղեցւոյ մոմով կայռէր, իսկ հաւատացեալները այդ կրակէն շիւղեր առնելով իրենց լապտերները եւ տան ճրագը կը վառէին, որ «Յիսուսի յորդառատ լոյս»ը կը խորհրդանշէ:
Մնացած սեւ մոխիրով ալ կանայք իրենց աչքերը կը գծէին:
Հայկական գեղեցիկ աւանդոյթ էր, որ կանայք օրեր առաջ հաւաքուէին գերդաստանի տարեցին տունը եւ այնտեղ պատրաստուէր հայկական լաւագոյն ուտեստեղէնները՝ «Ղաւուրմա»,«Ղափամա», «Փախլաւա» եւ «Քաղցր Ապուր», նուշ, կաղին, ընկոյզ, մրգեղէն, չիր ու չամիչ, շագանակ եւ նուռ, որ կը խորհրդանշէ՝ միութիւն եւ առատութիւն, ինչպէս նաեւ Յիսուսի արիւնը: Իսկ խմիչքներուն մէջէն գինին:
Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը ընտանիքի անդամները կրակրանին շուրջ կը հաւաքուէին եւ անոր մէջ կը թափէին նախորդ տարուան բոլոր բացասական մտքերը եւ գործած սխալները, որպէսզի նոր տարին սկսին դրական լիցքերով եւ մաքուր մտայնութեամբ:
Յունուար 1-ին ընտանիքի բոլոր անդամները կրկին ճոխ սեղանի շուրջ կը համախմբուէր:
Առաջին կենացը կը խմէր տան նահապետը, ետքը մեղր կը համտեսէին, որպէսզի եկող օրերը մեղրի պէս քաղցրահամ ըլլար:
Իսկ ինչ կը վերաբերի տարուան առաջին օրուայ հիմնական կերակրատեսակին, այդ «Մածունով քուֆթան»է, որ իր սպիտակ գոյնը կը խորհրդանշէ՝ տարին ամբողջ մածունի պէս ճերմակ օրեր ունենան:
5 Յունուարին հայ Առաքելականները կը պատրաստուին դիմաւորելու «Խթման Աւետումին», եւ այս օրը երեխաները կը մասնակցին աւանդական ծէսերուն:
Հանդիսաւոր Պատարագէն ետք անոնք Ս. Մսուրի հերոսները խորհրդանշող հագուսներով իրենց ընտանիքի անդամներուն ուղեկցութեամբ կը շրջին փողոցները եւ բարձրաձայն երգելով կ՚աւետեն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը:
Հայ Կաթողիկէ համայնքը Ս. Ծննդեան Պատարագը կը կատարէ 24 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը հինգին եւ կ՚ընթերցուին Քրիստոսի ծնունդը կանխագուշակած մարգարէներուն նամակները: Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին քահանան խորանէն կ՚աւետէ Քրիստոսի Ծնունդը ըսելով՝ «Քրիստոս Ծնաւ»:
Իսկ Ուղղափառ` Առաքելական համայնքը նոյն արարողակարգը կը կատարէ՝ Յունուար 5-ին:
Ս. Պատարագէն ետք հաւատացեալ ժողովուրդը եկեղեցւոյ բակը զիրար կ՚ողջունեն եւ բարի մաղթանքներ կը փոխանակեն։ Ետքը հարազատներով կը հաւաքուին ճոխ սեղաններու շուրջ։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ՝ Դեկտեմբերի 25-ին Հանդիսաւոր Պատարագ կը մատուցուի, նշելու մեր Տէրն Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը։ Իսկ Դեկտեմբերի 26-ին, կը յիշատակուի Առաջին նահատակ Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնը։
Յունուար 1-ին եկեղեցին կը տօնէ Յիսուսի անւանակոչման եւ հրէական աւանդոյթներու համաձայն անոր թլփատութեան տօնը։
Յունուարի 6-ը, որ կը համընկնի Աստուածայայտնութեան տօնին հետ, Հայ եկեղեցին (Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ) այդ օրը կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ, այնտեղ աղօթքներ կ՚ընթերցուին եւ շարականներ կ՚երգուին, ջուր կ՚օրհնուի եւ կը բաժանուի ծխականներուն։
Բարձրաստիճան քահանաներ նախ կ՚օրհնեն իրենց տուները, ետքը վանքը կամ արքեպիսկոպոսութեան կամ պատրիարքարանի կենդրոնատեղիները, որմէ ետք կ՚օրհնեն ծխական տուները։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Մխիթարեան հայրերու աւանդութեան, որուն մէկ մասնիկն եմ ես, սոյն աւանդոյթը կ՚որդեգրէ իր հիմնադրման օրէն, այսինքն՝ 1700 թուականէն մինչ օրս, յատկապէս Մայրավանքին մէջ – Սուրբ Ղազար կղզի – Վենետիկ – Իտալիա.
Բարձրաստիճան քահանան նախ կ՚օրհնէ Աբբահօր սենեակը, յետոյ նիստերու դահլիճը, միաբան վարդապետներուն սենեակները, ապա ժառանգաւորներու շարքը եւ անոնց սենեակները, Մայրավանքի մուտքը, ապա սեղանատունն ու խոհանոցը… և այլն):
Օրհնութեան այցերը կը շարունակուին մինչեւ Մեծ պահքի սկիզբը։
Յունուարի 7-ին Հայ եկեղեցին կը յիշատակէ ննջեցեալներու յիշատակը։ Պատարագ կը մատուցուի ննջեցեալներու հոգիներուն հանգստութեան համար, որմէ ետք քահանաները հաւատացեալներուն հետ կ՚այցելեն գերեզմաններ՝ աղօթելու անոնց հոգիներու փրկութեան համար։
Այստեղ յիշենք, որ քրիստոնէական հինգ Մեծ տօներէն ետք հայ համայնքները մշտապէս կը յիշատակեն ննջեցեալներու յիշատակը։
Աստծոյ Որդին ի սկզբանէ գոյութիւն ունէր, Ան տրուած էր մեզի որպէս երկնային ընծայ:
Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը պատմականօրէն ապացուցուած է, եւ այդ մէկը փաստ է, որ մենք պէտք է հաստատենք մեր կեանքին մէջ եւ ապրինք զայն:
Սուրբ Ծնունդը Փրկչին ծննդեան տօնն է, Ան` ամէն տարի կը ծնի մեր եւ ամբողջ մարդկութեան սրտերու քարայրին մէջ: Այս ծնունդը օրհնութիւն է մեր հոգեւոր կեանքին համար, ան կ՚աճի մեր մէջ, կը զարգանայ եւ կը սնուի Աստուածային գիտութեամբ. Յիսուսը ներկայ կ՚ըլլայ մեր կեանքին մէջ, եթէ մենք այդ առիթը տանք:
Ան կ՚ապրի մեր մէջ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ եւ մեզի կ՚առաջնորդէ դէպի ճշմարտութիւն եւ իսկական կեանքի ճանապարհը:
Այս մարմնաւորուած Խօսքի մեծութիւնն ու ճշմարտութիւնը դարձաւ համաշխարհային տօն, որ կը յիշատակուի աշխարհի ժողովուրդներու մեծամասնութեան կողմէ:
Ամէն տարի այս տօնակատարութիւնները կը սկսին Դեկտեմբեր1-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ Յունուարի եօթը:
Մենք կարողութիւնը ունինք ապրելու Մարմնաւորման խորհուրդի ներգործութիւնը, եթէ հաւատանք Մարմնացեալ Յիսուս Քրիստոսին եւ ընդունինք Անոր մեր կեանքին մէջ։
Արդեօ՞ք Յիսուսը ներկայ է մեր կեանքին մէջ:
Արդեօ՞ք մենք կրնանք ապրիլ այս մարմնաւորումը, որուն նպատակը մեզի փրկել է:
